2016-02-04 13:06:00

Կարդինալ Սանտրի` կոչը ի սպաս ''կրօնի ազատութեան''։


(Ռատիօ Վատիկան) Չորեքշաբթի 3 փետրուար 2016-ի երեկոյեան 6,30-ին, Սուրբ Վլասի տօնին առթիւ, Արեւելեան Եկեղեցիներու ժողովի կառավարիչ` Կարդինալ Լէոնարտօ Սանտրի, Սուրբ Վլաս եւ Սուրբ Քարլոս` Հռոմի պազիլիքային մէջ նախագահեց Սուրբ Պատարագի արարողութիւնը որուն ընթացքին արտասանած քարոզին մէջ անդրադառնալով Սուրբին կենցաղին ու նահատակութեան, կոչ ուղղեց ի սպաս կրօնի ազատութեան եւ Միջին Արեւելիքի մէջ պատերազմներու ու հակամարտութիւններու դադարեցումին։

Քարոզին մէջ Կարդինալը յիշեց նաեւ` Թուրքիոյ մէջ 5 փետրուար 2006-ին սպաննուած` Իտալացի Հայր Անտրէա Սանթորոն, որուն մահուան տասներորդ տարեդարձը կը նշուի 5 փետրուար 2016-ին








All the contents on this site are copyrighted ©.